2017-07-04 08:25:00

Ֆրանսայի մէջ վիրաւորներ` մզկիթի մը մօտ արձակուած կրակոցին պատճառով


Հարաւային Ֆրանսայի Աւինիոն քաղաքին մէջ մզկիթի մը առջեւ արձակուած կրակոցին պատճառով վիրաւորուած են 8 անձեր: Այս տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` աւելցնելով, որ հետաքննութեան քաջածանօթ աղբիւրին համաձայն, փոխադարձ հրացանաձգութիւնը կրնայ հաշիւներու մաքրում ըլլալ եւ ոչ թէ ահաբեկչական յարձակում:

Աղբիւրը կը նշէ, որ վիրաւորներէն երկուքը տեղափոխուած են հիւանդանոց: Ան աւելցուցած է նաեւ, որ մզկիթէն դուրս եկող հաւատացեալները կրակոցի թիրախ չեն եղած:

«Լա Փրովանս» շրջանային թերթը, վկայակոչելով դատական աղբիւր մը, կը հաղորդէ, որ ոստիկանութիւնը դէպքը չի նկատեր ահաբեկչութիւն: Ըստ տեղեկութեանց, կրակոցը տեղի ունեցած է երիտասարդներու միջեւ վիճաբանութեան պատճառով:

Ականատեսներու համաձայն, դիմակաւոր երկու զինեալներէն մէկը կրակած է երեկոյեան ժամը 10:30-ին: Ապա անոնք դէպքի վայրէն փախուստի դիմած են:

Կը հաղորդուի, որ վիրաւորները ստացած են թեթեւ վէրքեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.